Monday, April 4, 2011

Հինգ Խրատներ Քրիստոնէավայել Կեանքի եւ Ծառայութեան (Հռովմայեցիս 12:1-11)

Փետրուար ամիսը Ջանից ամիս է: Բոլոր Ջանիցականները տարբեր Աւետարանական եկեղեցիներու մէջ, եկեղեցւոյ պաշտամունքը կը ստանցնեն, ըլլայ երգի առաջնորդութեամբ, աղօթքով եւ կամ Աստուծոյ խօսքով: Ջանից բառը ուրկ՞է եկած է եւ ին՞չ ըսել է: Արմատը՝ ջանք բառն է: Երբ բառարան բանանք՝ Ճիգ, եռանդ եւ փոյթ բառերը կը տեսնենք ջանքի իբր իմաստ: Իսկ ջանալ բայը, կը նշանակէ ձգտիլ, ճիգ թափել, փորձել: Համաշխարհային Քրիստոնէական Ջանից շարժումը սկսած է 1881 թուին եւ գլխաւոր նպատակը եղած է արդիւնաբեր եւ օգտակար անդամներ պատրաստել Աստուծոյ ծառայութեան համար:

Քիչ առաջուայ կարդացուած Սուրբ գրային հատուածին, Հռովմայեցիս 12րդ գլխուն մէջ, անդրադառցանք Պօղոս առաքեալի տուած խրատներուն թէ ինչպէս Աստուծոյ ծառայութեան կեանք մը կարելի է ապրիլ: Այս հատուածէն 5 գլխաւոր խրատներու վրայ պիտի կեդրոնանանք այսօր:

1.Առաջին խրատը «Ձեր մարմինները ներկայացուցէք որպէս ապրող զոհ մը»:
Ին՞չ ըսել է ապրող զոհ մը: Մարմինը հոս անձը կը ներկայացնէ որ նաեւ կ'ընդգրկէ միտքը եւ հոգին: Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ որ Աստուած ոչ միայն կ'ուզէ որ մեր գործերը բարի ըլլան, այլ նաեւ կ'ուզէ որ մեր անձերը (մարմին, միտք եւ հոգի) սուրբ եւ բարի ըլլան: Ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ պահել մեր մարմինները իբրեւ ապրող զոհեր:
•Ամէն մէկ մարմնի անդամ գործածել բարի նպատակով՝ ձեռք օգնելու եւ ոչ թէ չար գործեր ընելու. Լեզու՝ Աստուծոյ մասին սորվեցնելու ուրիշներուն եւ ոչ թէ հայհոյելու, աչքեր Աստուծոյ բարի ստեղծագործութիւնները տեսնելու, ոչ թէ անբարոյական տեսարաններ դիտելու: Վասնզի Աստուծոյ խօսքը կ'ըսէ, «Եթէ աջ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ' զայն ու նետէ' քեզմէ, որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի ու ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը»:
•Կրնանք մեր մարմինները սուրբ պահել լաւ հոգ տանելով եւ ետ կենալով մարմին ապականող նիւթերէ, ուտելիքներէ եւ խմելիքներէ, օրինակ՝ Ծխախոտ, թմրեցուցիչ, խմիչքներ...
Ա. Կորնթ. 15:50 «Մարմին եւ արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժարանգել. Ոչ ալ ապականութիւնը կը ժարանգէ անապականութիւնը»:
Ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ պահել մեր մտքերը եւ հոգիները:
•Չդիտելով հայոյանքներով, ոճիռներով եւ անբարոյական տեսարաններով լեցուն շարժապատկերներ որոնք կ'ապականեն մեր մտքերը եւ հոգիները, կարդալով Աստուածաշունչ ամէն օր եւ աղօթելով Աստուծոյ որ մեզի ուժը եւ կարողութիւնը տայ դիմադրելու գայթակղութիւններուն: Ա. Կորնթ. 6:19 ը կ’ըսէ «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք»:

Ուրեմն սուրբ պահենք մեր մարմինները որպէս ապրող զոհեր:


2.Երկրորդ խրատը «Մի համակերպիք այս աշխարհին հապա ձեր միտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէք որպէս զի քննէք թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է»:

Համակերպիլ այս աշխարհի այսինքն ՝ աշխարհիկ ցանկութիւններ հետապնդել ինչպէս աշխարհի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ'ընէ: Աշխարհի մէջ 2 գլխաւոր տեսակի մարդիկ կան: Մարդիկ որոնք կ'ապրին եւ կ'աշխատին հարստութիւն դիզելու աշխարհի վրայ եւ հանգիստ կեանքեր ապրելու մինչ աշխարհի վրայ են, եւ մարդիկ որոնք կ'աշխատին եւ ջանք կը թափեն ապրելու Աստուծոյ հաճելի կեանք մը, միտքերնին ունենալով երկնքի մէջ ունենալիք իրենց գանձը որ Աստուծոյ թագաւորութիւնն է: Մենք ո՞ր տեսակի մարդիկ ենք արդեօք: Անձնական շահերու ետեւէ՞ն ենք թէ Աստուծոյ փառքին համար կեանքեր կ'ապրինք: Նկատի առնենք որ նոյնիսկ եթէ Աստուծոյ հաճոյաբարոյ կեանք մը կ'ապրինք հիմա, աշխարհը լեցուն է փորձութիւններով եւ գայթակղութիւններով: Մարդիկ կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ. Եթէ մենք օրական Աստուածաշունչը չի կարդանք եւ չի նորոգուինք եւ չզօրանանք Աստուծոյ խօսքովը, կրնանք շատ դիւրաւ տկար գտնուիլ այդ գայթակղութիւններուն առջեւ եւ համակերպիլ աշխարհի: Հէրի Հէրլո անունով հոգեբան մը կ'ուզէր տեսնել թէ երբ կապիկ մը մարդ արարածի հետ միատեղ մեծնայ ծնունդէն, արդեօք մարդու վարուելակերպը պիտի որդեգր՞էր: Իբր գիտափորձ (experiment) , ան կապիկը բերաւ իր տունը եւ իր մանուկներուն հետ ապրեցուց. Որոշ ժամանակ մը ետք նշմարեց որ կապիկը շարունակեց իր կապիկի վարուելակերպը, բայց իր զաւակները սկսան կապիկին կապկել եւ եթէ այդպէս շարունակուեր հետզհետէ կապիկի պիտի վերածուէին: Այս անդրադառնալով ան ամիջապէս հեռացուց կապիկը իր զաւակներէն եւ ընդհատեց այս գիտափորձը: Նոյն իմաստով՝ մենք եկած ենք աշխարհ մը ուր չարութիւնը եւ անբարոյականութիւնը կը տիրեն: Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը անհաւատներ են եւ մենք իրենց մէջ ապրելով հանդէրձ պէտք է զգուշանանք որ անոնց փորձութիւնները եւ գայթակղութիւնները դիմադրենք եւ չհամակերպինք անոնց: Հռովմ. 16:17ը կ'ըսէ «Ուշադիր եղէք անոնց՝ որ կը գոյացնեն բաժանումներ եւ գայթակղութիւններ հակառակ ձեր սորված ուսուցումին ու հեռացէք անոնցմէ: Որովհետեւ այդպիսիները կը ծառայեն ո'չ թէ մեր Տէրոջ Յիսուս Քրիստոսի, հապա իրենց որովայնին, եւ անմեղներուն սիրտերը կը խաբեն բարի խօսքերով ու գովեստներով»:

Ուրեմն չի համակերպինք այս աշխարհին հապա մեր միտքին նորոգութիւնովը նորոգուինք որպէս զի քննենք թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է:

3.Երրորդ Խրատը «Արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածել, հապա զգաստ կենալ մտածել հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց»:

Պօղոս առաքեալ խրատ կու տայ ըսելով՝ որ մէկը իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ քան ինչ որ պէտք է մտածէ: Այս խրատը կը զգուշացնէ բոլորիս հպարտ ըլլալէ:
Ինչպէս ամէն մէկ մարմին տարբեր անդամներ ունի (ձեռք, ոտք, աչք, բերան) որոնք տարբեր գործերով մարմինը ողջ կը պահեն, նոյնպէս ամէն մէկս անդամ մըն է Յիսուս Քրիստոսի Մարմնի եւ եկեղեցիին. Աստուած ամէն մէկուս ձիռք մը տուած է: Մէկը նուագելու ձիռք ունի, ուրիշ մը երգելու, մէկը գրելու ձիռք, միւսը պատգամ տալու: Մեր ձիռքերը գործածենք Աստուծոյ փառքին համար եւ ինչ որ կ'ընենք պարզմտութեամբ ընենք ոչ թէ գոռոզանալով. ինչ որ կ'ընենք յօժարութեամբ ընենք, եւ ծառայենք խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ: Յիսուս առակներով կը խօսէր ժողովուրդին եւ Ղուկասու 18րդ գլխուն մէջ հպարտութեան մասին հետեւեալ առակը կը պատմէ: Փարիսեցի մը եւ Մաքսաւոր մը տաճառ կ'երթան աղօթելու: Փարիսեցին կայնած կ'աղօթէր ըսելով՝ Ով Աստուած շնորհակալ եմ քեզմէ որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ եւ շնացող կամ ալ այս մաքսաւորին պէս. Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը կու տամ: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայնած էր, չէր համարձակեր աչքը երկինք բարձրացնել եւ կուրծքը ծեծելով կ'աղօթէր՝ Աստուած ներէ ինծի, մեղաւորիս: Հիմա այս երկուքէն ո՞ր մէկը կը կարծէք կը ժարանգէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Յիսուս կ'ըսէ «Ով որ բարձրացնէ ինքզինք, պիտի խոնարհի եւ ով որ խոնարհի՛ պիտի բարձրանայ»:

Ուրեմն զգուշ կենանք հպարտանալէ մեր ձիռքերով եւ գործերովը, այլ իրարու նեցուկ կանգնինք քաջալերելով զիրար եւ սորվեցնելով:


4.Չորրորդ խրատը «Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով»:

Կեղծ սէր ի՞նչ ըսել է: Արդեօք կեղծ սէր կը ցուցաբերենք մենք մեր շուրջիններուն: Մեր առօրեայ կեանքին մէջ երբ ուշադիր չըլլանք, շատ դիւրաւ կրնանք կեղծ սիրոյ զոհը դառնալ:

• Կեղծ սէրը կրնայ բամբասանքի ձեւով ի յայտ գալ: Երբ բարեկամիդ հետ կը խնդաս, կը խօսիս կրնայ ըլլալ որ բամբասանքի նիւթեր բացուին ձեր ուրիշ մէկ բարեկամին մասին.
Օրինակ՝ «Գիտե՞ս Հուրին եւ իր ընկերը բաժնուեցան, արդէն ես կը զարմանայի ինչպէս իրարու հետ էին» կամ «Լսեցիր ին՞չ ըրեր է Կարօն, իր տունը րեհինի դրեր է»... կրակին վրայ ձէթ չի թափենք եւ մենք ալ մեր լսած պատմութեան տարբերակը չբաժնեկցինք այլ դադրեցնենք բամբասանքը: Սաղմոս 101:5րդ համարին մէջ գրուած է«Ան որ ծածկաբար կը բամբասէ իր ընկերին դէմ, պիտի բնաջնջեմ:
• Շատ անգամներ մեր շուրջիններուն մեզի ըրած կամ չըրած բաներուն հաշիւը կը պահենք. այս ձեւով կեղծ սէր կը ցուցաբերենք: Օրինակ մը տամ՝ «Բարի տարեդարձ չի գրեց facebookիս վրայ, ես ալ իր տարեդարձը պիտի չշնորհաւորեմ» կամ «Իր միջինքին ինծի հրաւիրած չեր, ես ինչու՞ հրաւիրեմ իրեն»: Մեր այոն այո թող ըլլայ իսկ ոչը ոչ. Կախեալ թող չըլլայ մեր ըրածը ուրիշին ըրածէն կամ չըրածէն:
• Կեղծ սէրը ուրիշ անգամներ ալ կրնայ անձնական շահերու կամ «մասլահճիութեան» ձեւով երեւան գալ: Շատեր կեղծ բարեկամութիւններ կը կազմեն եւ հաճոյախօսութիւններ կ'ընեն իրենց անձնական շահերը փնտռելու նպատակով: Անկեղծ «Սէրը իրենը չի փնտռեր» Փիլիպպեցիս 2:4ին մէջ գրուած է «Միայն ձեր անձերուն շահը մի' փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»:

Տէր Յիսուս նոր պատուիրան մը տուաւ իր աշակերտներուն՝ ըսաւ «մէկզմէկ սիրեցէ'ք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք» Յիսուսի սէրը իր աշակերտներուն հանդէպ արդեօք կեղ՞ծ էր. Քաւ լիցի. Անշուշտ ոչ': Յիսուս կ'ուզէ որ մենք ալ իրեն նման անկեղծ սիրով մէկզմէկ սիրենք եւ կը շարունակէ ըսելով «ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»:
Ուրեմն մեր սէրը անկեղծ թող ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով:


5.Հինգերորդ եւ վերջին խրատը «Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի ըլլաք. Հոգիով բորբոքէցէք, Տէրոջը ծառայեցէք».

Ին՞չ օգուտ է հաւատք ունենալը երբ հաւատքին պտուղը այսինքն «ծառայութիւն» չենք արտադրեր:
Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը անօթի ըլլայ, ճաշի կարօտ ըլլայ, ին՞չ օգուտ ունի մեղքնալը կամ «գնա խաղաղութեամբ, կեր ու կշտացիր» ըսելը, բայց անոր պէտք եղած ճաշը չտալը ին՞չ օգուտ ունի:
Ջանքի մէջ թուլասիրտ չըլլանք. Չըսենք՝ «Սիրտ չունիմ», «Չեմ ուզեր», «Պիտի չընեմ» այլ ըսենք՝ «սիրով», «Աստուծոյ փառքին համար», «Կ'ընեմ»: Ծառայութիւնը եռանդով եւ յօժարութեամբ թող ըլլայ ոչ թէ գանգատելով: Երբեմն պատրուակ կը փնտռենք ծառայութիւն չընելու. «թիւով քիչ ենք» կ'ըսենք մենք մեզի, կամ «չենք կրնար ընել». Ուրիշ անգամներ ալ ոչ քաջալերական խօսքեր լսելով ուրիշներէ, կը յուսահատինք եւ կը դադրինք ծառայելէ: Դպրոցական կեանքի մէջ օրինակ, կրնանք լսել այսպիսի խօսքեր՝ «Այս նիշերով չես կրնար համալսարան ընդունուիլ» կամ «այսպէս շարունակես վստահ կը ձախողիս». Վստահ իրականութիւն մը կայ այս խօսքերուն մէջ, բայց այսպիսի խօսքեր մէկուն աշխատելու թափը եւ իր լաւագոյնը ընելու եռանդը կը մարեն եւ այդ անձը կրնայ յուսահատիլ:
Եկեղեցիի ենթահողին մէջ երբեմն կը լսենք «Թիւով քիչ էք, չէք կրնար գլուխ հանել», «անդամ չի կայ բաւարար» եւ կամ «այս գործը մարդուժ կ'ուզէ»: Այս խօսքերը իրականութիւններ են այո, բայց եթէ այս խօսքերը լսելով մեր ծառայելու եռանդը պիտի պակսի ու յուսահատինք, աւելի լաւ է անտեսել այսպիսի ոչ քաջալերական խօսքեր:
Օր մը խումբ մը պզտիկ գորտեր կը որոշեն մրցում մը ընել եւ մագլցիլ հսկայ եւ բարձր աշտարակ մը: Մրցումը կը սկսի եւ բազմութիւն մը կը հաւաքուի անոնց շուրջը դիտելու եւ քաջալերելու զանոնք: Բայց իրականութեան մէջ բազմութէնէն ոչ ոք կը հաւատար որ այս պզտիկ գորտերը կրնային հասնիլ աշտարակին գագաթը:
Ներկաներէն ոմանք կ'ըսէին, «Օհ՜ շատ դժուար է», «Անկարելի է վեր հասնիլը» ուրիշներ ալ կ'ըսէին, «Աշտարակը շատ բարձր է, չեն կրնար յաջողիլ պզտիկ գորտերը»:
Պզտիկ գորտերը սկսան մէկ մէկ վար իյնալ, սակայն կային գորտեր որոնք յարատեւ ճիգ թափելով կը յառաջանային դէպի վեր: Ժողովուրդը շարունակեց պոռալ, «Շատ դժուար է. Մէկը պիտի չհասնի աշտարակին գագաթը:» Ալ աւելի գորտեր սկսան հոգնիլ, յուսահատիլ եւ իյնալ... մէկ պզտիկ գորտ մը կար որ յարատեւ կը մագլցեր եւ բարձրացաւ ու բարձրացաւ…
Այս մէկ պզտիկ գորտը չյուսահատեցաւ. Մինչ միւս գորտերը մէկ մէկ հրաժարեցան, այս պզտիկ գորտը միակն էր որ ջանք թափեց, չյուսահատեցաւ եւ հասաւ աշտարակին գագաթը:
Բոլոր միւս գորտերը ուզեցին գիտնալ թէ ին՞չ էր իր յաղթանակին գաղտնիքը: Մասնակցողներէն գորտ մը երբ հարցուց մրցանակը շահող գորտին, պատասխան չստացաւ: Մէջտեղ ելաւ որ այդ գորտը խուլ էր:

Ուրեմն ջանքի մէջ թուլասիրտ չըլլանք, եռանդուն կերպով Տէրոջը ծառայենք եւ չյուսահատինք մեր շուրջիններուն ոչ քաջալերական խօսքերը լսելով:

Հետեւաբար, Աստուծոյ հաճելի եւ ծառայութեամբ լեցուն կեանք մը ապրելու համար պէտք է մեր մարմինները, մտքերը եւ հոգիները սուրբ պահենք իբր ապրող զոհեր. Պէտք չէ համակերպինք այս աշխարհին եւ գայթակղութիւններուն զոհեր դառնանք. Պէտք է ըլլանք խոնարհ ու հեզ անձեր քաջալերելով եւ սորվեցնելով իրար. Պէտք է սիրենք մէկզմէկ անկեղծ սիրով, չարէն զզուելով եւ բարիին յարելով. Եւ վերջապէս պէտք է եռանդուն հոգիով Տէրոջը ծառայենք: Ինչ որ կ'ընենք սրտանց ընենք որպէս թէ Տէրոջ եւ ոչ' թէ մարդոց:

Շուշան Արթինեան
Փետրուար 27, 2011

Sunday, February 27, 2011

Ջանից Օր

Փետրուար 27, 2011-ին Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ Ջանիցականներ եւ Պատանիներ կիրակի օրուայ պաշտամունքը ստանցնեցին եւ տօնեցին Ջանից օրը: Օրդ Ռոզի Սաիլեան, Պրն. Լուտեր Արթինեան եւ Պատ. Հրայր Չոլագեան առաջնորդեցին պաշտամունքը: Պրն. Արա Գոճատելեան Ջանից տեղեկագրութիւն եւ Սբ. Գիրքի հատուածը կարդաց: Օրուան պատգամաբերն էր Օրդ. Շուշան Արթինեան: Պատանիները Պատ. Հրայր Չոլագեանի եւ Պրն. Ժիրայր Ղազարեանի առաջնորդութեամբ հրամցուցին Ջանից երգարանէն երգ մը: Պաշտամունքին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիկ. Էլիզ Գոճատելեան՝ դաշնակ եւ Օրդ. Մեղրի Պաղտոյեան՝ ջութակ:











Thursday, February 3, 2011

Վեր. Յակոբ Սարգիսեանի Ողջերթի Հանդիսութիւն

Սեպտեմբեր 12, 2010-ին Վեր. Յակոբ Սարգիսեանի համար ողջերթի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիին դահլիճին մէջ ժամը 11:30-ին որուն ներկայ էին եկեղեցիին ընտանիքները, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու ատենապետ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ իր տիկինը: Նաեւ հրաւիրուած էր օրուայ պատգամաբեր Վեր. Լայլ Արմսթրոնկ Անգլիախօս Մկրտչական Եկեղեցիի հովիւ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Պատ. Հրայր Չոլագեանի բացման խօսքով որմէ ետք Օրդ. Ռոզի Սաիլեան ներկայացուց Վեր. Սարգիսեանի նուիրուած «DVD-ն որպէս յուշանուէր Ջանիցի, Պատանեացի եւ ՀԱՄՄ-ի անդամներու կողմէ: «DVD»-ն որ ցուցադրուեցաւ ներկաներուն կ’ընդգրկէր զանազան պատկերներ առնուած Վեր. Սարգիսեանի հետ տարբեր առիթներով: Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիին կողմէ Վեր. Սարգիսեանի եւ իր տիկնոջը Տիկ. Սիլվային տրուեցաւ յուշանուէր մը իրենց 3 տարիներու նուիրեալ ծառայութեան համար Յուլիս 2007-էն Յուլիս 2010:

Յուշանուէրին վրայ կար հետեւեալ համարը՝ "Տէրը շարունակ ձեզ պիտի առաջնորդէ" Եսայի 58.11
Օրդ. Շուշան Արթինեան Ջանիցի եւ ՀԱՄՄի կողմէ յանձնեց յուշանուէր բարձ մը զարդարուած ՀԱՄՄԻ եւ Ջանիցի տարբեր նկարներով Վեր. Յ. Սարգիսեանի հետ: Հանդիսութեան ընթացքին, Վեր. Լայլ Արմսթրոնկ իր կարգին հրաժեշտի խօսքը յայտնեց Վեր. Սարգիսեանին եւ իր ընտանիքին: Անոր յաջորդեց Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի ողջերթի խօսքը, որուն մէջ ան յաջողութիւն մաղթեց Վեր. Սարգիսեանին: Վերջին խօսքը առնողը եղաւ Վեր. Յակոբ որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիսութեան համար: Հանդիսութեան աւարտին, ողջերթի կարկանդակը հատուեցաւ եւ հրամցուեցաւ ներկաներուն եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը: Մեր սիրելի Վեր. Յ. Սարգիսեանին եւ իր ընտանիքին կը մաղթենք յաջողութիւն, առողջութիւն եւ փափաքներու իրականացում. Աստուած ձեր հետ ըլլայ:

Ռոզի Սաիլեան

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի Ք. Ջ. Երիտասարդներ ՔԱՀԼ-ի մէջ

Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտեան, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի երիտասարդներէն երեք անձեր յատուկ ժամանակ անցուցին ՔԱՀԼ-ի ծերունիներուն հետ ներկայ գտնուելով եւ առաջնորդելով միացեալ պաշտամունք մը: Տիար Արա Գոճատելեան առաջնորդեց պաշտամունքին համար յատուկ ընտրուած երգերը որոնք առնուած էին Ք.Ջ. Երիտասարդաց երգարանէն: Օրիորդ Ռոզի Սաիլեան ընթերցեց Սաղմոս 71-ը«Ծերունիի մը Աղօթքը:
Օրուան պատգամը մատուցեց Օրիորդ Շուշան Արթինեան որ խօսեցաւ«Ներքին Խաղաղութեան մասին: Ան հասաւ այն եզրակացութեան որ«'Եթէ Յիսուս Քրիստոսի կառչած ես, նոյնիսկ փոթորիկի, պատերազմի կամ այլ դժուարութիւններու ատեն, ներքին խաղաղութիւն կրնաս վայելել': Պաշտամունքի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան պահ մը:

Արա Գոճատելեան

Ֆրանսացի Երիտասարդներու Հետ Հանդիպում

Օգոստոս 9, 2010-ին, Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ Ջանիցը եւ Պատանեացը հիւրընկալեցին Ֆրանսայէն ժամանած խումբ մը երիտասարդներ (Action Cհretien En Orient) եւ անոնց հետ Մարաշի, Ամանոսի եւ Էշրէֆիէի Ջանիցականներէն մի քանին: Գլխաւոր նպատակը այս հաւաքին, աշխարհի տարբեր անկիւններէն Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներու իրարու ծանօթանալն էր: Ֆրանսացիներէն ոմանք գնումէ տարուած, ոմանք յոգնած, ոմանք բոպիկ (անձնական պատճառներով) վերջապէս հասան Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ դահլիճը: Մուտքին, ամէն մէկ անձ ստացաւ թղթիկ մը որ կը պարունակէր հարցումներ. Ի՞նչ է անունդ, ո՞րն է սիրած ժամանցդ եւ այլ հարցումներ: Բացման խօսքը կատարեց Ջանիցի ատենապետ Պրն. Արա Գոճատելեան եւ տարբեր լեզուներով բարի գալուստ մաղթեց ֆրանսացի հիւրերուն: Երգեցողութիւնը առաջնորդեց Օրդ. Շուշան Արթինեան որուն ընթացքին երգուեցան անգլերէն, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն երգեր: Ամէն մէկ երգի միջեւ 5 ֆրանսացիներ ոտքի ելլելով ինքզինքնին կը ծանօթացնէին թղթիկին վրայի հարցումները պատասխանելով: Պրն. Յովսէփ Պոյաճեան ցուցադրեց կարճ տեսաերիզ մը որ կը բացատրէր Յիսուս Քրիստոսի մեծութիւնը: Ասոր յաջորդեց խորհրդածութեան պահ մը ատենապետ Պրն. Արա Գոճատելեանի կողմէ որուն ընթացքին խօսեցաւ լեզուին եւ անոր կարեւորութեան մասին: Օրիորդներ Ռոզի Սաիլեանի եւ Շուշան Արթինեանի պատրաստութեամբ խաղերու խանդավառ պահ մը ունեցանք. ուտել եւ կռահել թէ ինչ է կերածը, “Win lose or draw”, եւայլն: Հաւաքին աւարտին հիւրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան մտերմիկ պահ մը ունեցանք: Շնորհակալ ենք Աստուծմէ այսպիսի շինիչ առիթներու համար եւ յուսանք յառաջիկային նորէն կը հանդիպինք եւ կը ծանօթանանք այլ երկիրներէ Ջանիցականներու: